2013-05-02 11:22:07

15-րդ դարու պատկան հրէական ձեռագիր մը շուրջ 6 միլիոն տոլարի կը ծախուի` ճշմարիտ մրցնաիշ մը։


Երուասղէմի Իսրայէլի թանգարանը Նիւ-Եորքի թանգարանին հետ միասին աճուրդի դրուած 15-րդ դարու հրէական մէկ ձեռագիրը գնած է։ Ձեռագիրը` կը կրէ 1457 թուականը եւ կը ներփակէ ռաբունապետ Մովսէս Մայմոնիտի ''Միշնէհ Թորա''` հրէական կանոնագիրքի մասին գրութիւնները։ Նշենք որ գրագիր Միշնա քրիստոնեայ գեղարուեստագէտի մը օգնութեամբ պատկերազարդարած է ձեռագիրը։ Աճուրդի դրուած ձեռագիրը Մայմոնիտի երկրորդ գործն է, առաջինը` Վատիկանի մատենադարանը կը գտնուի








All the contents on this site are copyrighted ©.